2014-04-15 09:49:18

Կարտինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող ցաւակցական հեռագիր` Վալբարաիզօյի հրդեհի զոհերուն։


Ի լուր Չիլէի` Վալաբարաիզօ քաղաքին մէջ բռնկած մեծ եւ ահաւոր հրդեհին, որ զոհեր ու աւերներ պատճառեց, Վատիկանի Պետքարտուղար` Կարտինալ Փիէթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին, ցաւակցական հեռագիր մը յղած է` Վալբարաիզօյի եպսկոպոս` գերապայծառ Կոնզալօ Թուարթէ Կարսիա Տէ Քորդազարի, որուն մէջ յայտնած է Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հոգեւոր մօտիկութիւնը ու Անոր աղօթքները հրդեհի զոհերուն, ինչպէս նաեւ Քահանայապետի մասնակցութիւնը տառապող ժողովուրդի ցաւերուն։
Կարտինալ Փարոլին կը յայտնէ նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապը կոչ կ՛ուղղէ իշխանութիւններուն ու համայն բնակչութեան չկորսնցնել յոյսը եւ քաջութեամբ դիմագրաւել այս աղէտը, զօրակացութեան եւ եղբայրսիրութեան զգացումներով, ու բոլոր կարիքաւոր անձերուն պէտք եղած օժանդակութիւնները ապահովելով։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ապա յատուկ ցաւակցութիւններ կը յայտնէ բոլոր զոհերու ընտանեկան պարագաներուն ու համայն Չիլէի ժողովուրդին կու տայ առաքելական յատուկ օրհնութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.